2013-01-10 11:00:07

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Զրոյց քառասունչորրորդ–Գլուխ Գ.­
ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՄԵՌԵԱԼՆԵՐՈՒ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ


Հարցում թիւ 154. Ի՞նչ կը դառնանք երբ մեռնինք։
Երբ մեռնինք, մարմինը կը բաժնուի հիգիէն. Մարմինը կը փտտի, մինչ հոգին կը հանդիպի Աստուծոյ, եւ կը սպասէ որ վերջին օրը դարձեալ միանայ յարուցեալ մարմնին հետ։
Թէ ինչպէ՞ս յարութիւն պիտի առնենք` խորհուրդ մըն է. Պատկերաւոր ձեւով կարելի է մասամբ հասկնալ։ Երբ դիտենք կակաչի մը սոխարմատը, չենք կրնար գիտնալ թէ ինչքան հրաշալի ծաղիկ մը պիտի արտադրէ, աճելով հողին տակը, խաւարի մէջ։ Նոյնը պիտի պատահի մեզի. Ոչինչ գիտենք մեր նոր մարմնի ապագայ կերպարանքի մասին։ Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ. ՙՄենք սերմանուեցանք անարգութեան մէջ, բայց պիտի յառնենք փառքի մէջ՚ (Ա. Կորնթացւոց 15,43)։

Հարցում թիւ 155. Եթէ հաւատանք Քրիստոսի, ինչպէ՞ս ան մեզի պիտի օգնէ մեր մահուան պահուն։
Քրիստոս պիտի գայ մեզի հանդիպելու եւ մեզ առաջնորդելու դէպի յաւիտենական կեանք։ Մահը չէ որ պիտի գայ մեզ փնտռելու այլ ամենաբարին Աստուած (Սրբուհի Թերեզա Լիզիէոյի)։
Դիտելով Յիսուսի չարչարանքներն ու մահը, մահուան անցքը աւելի դիւրին կրնայ ըլլալ։ Վստահութեան եւ սիրոյ արտայայտութեամբ մը հանդէպ Հօր, կրնանք ըսել մեր Այո­ն, նման Յիսուսի, Ձիթենեաց պարտէզին մէջ։ Այս տեսակի կեցուածքը կը կոչուի ՙհոգեւոր նուիրում՚։ Մահամերձ անձը կ՛ընկերակցի Քրիստոսի նուիրումին` խաչին վրայ։ Այն որ այս ձեւով կը մեռնի, Աստուծոյ հանդէպ` վստահութեամբ եւ մարդոց հետ` խաղաղութեամբ, ուստի առանց ծանր մեղքի, կը գտնուի յարուցեալ Քրիստոսի հասարակութեան ճամբուն վրայ։ Մեր մահը մեզ գետին կը ձգէ, բայց մենք կ՛իյնանք իր ձեռքերուն մէջ։ այն անձը որ կը մեռնի` չի ճամբորդեր դէպի անէացում, այլ կը մտնէ իր տունը, սիրոյն մէջ Աստուծոյ որ զինք ստեղծած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.